Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունեցող աղջկանց պասքեթպոլի կիսաւարտականի առաջին ճակատումը, որ իրարու դէմ հանեց Սպանիան եւ Սերպիան, աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 68-54 արդիւնքով (20-9, 13-19, 20-10 եւ 15-16):
Այսպիսով, Սպանիա աւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ Ֆրանսա – Միացեալ Նահանգներ մրցումին յաղթականը: