Մարզական

Հայ Մարզիչին Խումբը` Ողիմպիականի Ախոյեան

Ռիօ տը Ժանէյրոյի ողիմպիականի ամառնային խաղերուն, ջրագնդակի (ուոթըր-փոլօ) աղջկանց մրցաշարքի տիտղոսին տիրացաւ Միացեալ Նահանգներու խումբը, որուն գլխաւոր մարզիչն է հայազգի Ադամ Գրիգորեան: Աւարտականին ամերիկացիք 12-5 արդիւնքով յաղթեցին Իտալիոյ: Պրոնզէ մետալին տիրացաւ Ռուսիա, որ երրորդ դիրքի մրցումին յաղթեց Հունգարիոյ: Նշենք, որ աւարտականի այս մրցումէն քանի մը օր առաջ, Քալիֆորնիոյ մէջ մահացաւ 42 տարեկան Ադամի եղբայրը` Պլէյք, ինքնաշարժի արկած մը ունենալով: Մրցանակաբաշխութեան...

Պրազիլ Տիրացաւ Ֆութպոլի Մրցաշարքի Տիտղոսին

Ռիօ-2016-ի ամառնային ողիմպիական խաղերը հիւրընկալող երկիրը` Պրազիլ, տիրացաւ տղոց ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսին` աւարտականին փենալթիներով յաղթելէ ետք Գերմանիոյ` 5-4 արդիւնքով: Երկու կազմերուն միջեւ այս մրցումը երկարաձգումէն ետք աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով: Մրցումին 27-րդ վայրկեանին Պարսելոնայի յառաջապահ Նէյմար բացաւ հաշիւը: Սակայն 59-րդ վայրկեանին Մաքս Մայըր նշանակեց Գերմանիոյ հաւասարութեան կոլը: Այսպիսով, Պրազիլ առաջին անգամ ըլլալով կը տիրանայ ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսին` չորս փորձերէ ետք:

Գերմանիա Առաջին Անգամն Ըլլալով Աղջկանց Ֆութպոլի Ողիմպիականի Ախոյեան

Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող ողիմպիականի աղջկանց ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը, որ իրարու դէմ հանեց Գերմանիան եւ Շուէտը, աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 2-1 արդիւնքով: 48-րդ վայրկեանին Ճենիֆըր Մարոզսան նշանակեց Գերմանիոյ առաջին կոլը, իսկ Լինտա Սեմպրանթ` Գերմանիոյ երկրորդ կոլը (62-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ): Սթինա Պլեքսթենիուս նշանակեց Շուէտի կոլը (67-րդ): Այսպիսով, Գերմանիա առաջին անգամն ըլլալով հանդիսացաւ ողիմպիականի աղջկանց ախոյեան: Նշենք սակայն, որ Գերմանիա...

Միացեալ Նահանգներու Տղոց Պասքեթպոլի Խումբը` Ոսկի Մետալակիր

Միացեալ Նահանգներու Տղոց Պասքեթպոլի Խումբը` Ոսկի Մետալակիր

Բաւական զօրաւոր կազմ մը ունեցող եւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի անուանի մարզիկներով հարուստ Միացեալ Նահանգներու տղոց պասքեթպոլի կազմը երէկ գիշեր հանդիսացաւ Ռիօ-2016-ի պասքեթպոլի մրցաշարքին յաղթականը, երբ աւարտականին 30 կէտի տարբերութեամբ` 96-66 արդիւնքով (19-15, 33-14, 27-14 եւ 17-23) յաղթեց Սերպիոյ: Սպանիա տիրացաւ պրոնզ մետալին կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 89-88 արդիւնքով (23-17, 17-21, 27-26 եւ 22-24) յաղթելով Աւստրալիոյ: Միացեալ Նահանգներէն բաւական տպաւորիչ մրցում...

Սերպիոյ Խումբը Տղոց Ջրագնդակի Ախոյեան

Ռիօ տը Ժանէյրոյի ողիմպիական խաղերուն տղոց ջրագնդակի (ուոթըր-փոլօ) մրցումներուն աւարտականին, Սերպիա 11-7 արդիւնքով յաղթելէ ետք Խրուաթիոյ, տիրացաւ ոսկի մետալին: Իտալիա տիրացաւ պրոնզէ մետալին` 12-10 արդիւնքով յաղթելէ ետք Մոնթենեկրոյի: Նշենք, որ այսպիսով Սերպիա տիրացաւ իր երկրորդ ոսկի մետալին: Առաջինը ըմբշամարտի մրցումներուն ապահովուած էր:  

Ուսէյն Պոլթ Ողիմպիականի Խաղերու 9-Ակի Ախոյեան

Ժամայքացի վազող Ուսէյն Պոլթ նախորդ շաբաթավերջին տիրացաւ ողիմպիականի իր 9-րդ ոսկի մետալին (3-րդը` Ռիօ-2016-ին): Տղոց 4x100 մեթր վազքի մրցումներուն, ան իր ազգակիցներուն հետ տիրացաւ ոսկի մետալին` արձանագրելով 37" 27 արդիւնք մը: Արծաթ մետալին տիրացաւ Ճափոն (37" 60), իսկ պրոնզ մետալին` Քանատա (37" 64):

Պրազիլի Տղոց Խումբը` Վոլիպոլի Տիտղոսակիր

Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունեցող տղոց վոլիպոլի մրցաշարքի ոսկի մետալին տիրացաւ հիւրընկալ երկիրը` Պրազիլ, որ աւարտականին 3-0 արդիւնքով (25-22, 28-26 եւ 26-24) յաղթեց Իտալիոյ: Ողիմպիական խաղերու պատմութեան մէջ ասիկա Պրազիլի տղոց վոլիպոլի խումբին համար երրորդ ոսկի մետալն էր: Հարաւային ամերիկացիները տիտղոսակիր դարձած էին նաեւ 1992-ին եւ 2004-ին:

Չինաստան` Վոլիպոլի Աղջկանց Մրցաշարքի Ախոյեան

Չինաստանի վոլիպոլի աղջկանց խումբը Ռիոյի ողիմպիական խաղերուն տիրացաւ տիտղոսին` աւարտականին 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սերպիոյ: Միացեալ Նահանգներ տիրացան պրոնզ մետալին` երրորդ դիրքի մրցումին 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Հոլանտայի:

Հայկական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջին` 3-րդ Հանգրուանի Մրցումները

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումները կը շարունակուին այս շաբաթավերջին: Գիւմրիի մարզադաշտին վրայ, այսօր Շիրակ կը հիւրընկալէ Արարատը: Վաղը «Նայիրի» մարզադաշտին վրայ Բանանց հիւրը պիտի ըլլայ Ալաշկերտի: Այս երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 17:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով: Այս հանգրուանը կ՛աւարտի Փիւնիկ - Գանձասար Կապան մրցումով, որ կը սկսի ժամը 19:00-ին եւ տեղի կ՛ունենայ Ֆութպոլի ակադեմիային մէջ:

Հայկական Մարզաշխարհ. Գէորգ Ղազարեան Եւս Հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքական

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարուժան Սուքիասեան հրապարակեց անունները արտասահմանի մէջ հանդէս եկող այն ֆութպոլիստներուն, որոնք հրաւիրուեցան ազգային հաւաքական: Ֆութպոլիստներուն ցանկէն բացակայող Գէորգ Ղազարեանի գծով Սուքիասեան Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կայքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը: «Հակառակ նախնական ցանկին մէջ ընդգրկուած չըլլալուն, սակայն հրաւիրեցինք նաեւ Գէորգ Ղազարեանը: Մինչեւ վերջին մրցումը կ՛ուզեմ դիտել անոր խաղարկութիւնը` փաստելու համար, որ...

Գառնիկ Մնացականեան Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունեցող ողիմպիական խաղերուն ընթացքին հայ մարզիկները կը շարունակեն իրենց ելոյթները: Ազատ ոճի ըմբշամարտի 57 քկ դասակարգի մրցումներուն, Գառնիկ Մնացականեան իր կատարած առաջին մրցումին (1-8-րդ հանգրուան) 13-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իրանցի իր մրցակիցէն` Հասան Ռահիմիէն: Սակայն Մնացականեան պրոնզ մետալի մը տիրանալու իր յոյսերը կորսնցուց, որովհետեւ Ռահիմի կիսաւարտականին պարտուեցաւ` չկարենալով հասնիլ աւարտականին:

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Շաբաթավերջին Կը Սկսին Նաեւ Իտալիոյ Եւ Սպանիոյ Ախոյեանութիւնները

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջին Կը Սկսին Նաեւ Իտալիոյ Եւ Սպանիոյ Ախոյեանութիւնները

Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանին խաղերու ծիրին մէջ այս շաբաթավերջին կու գան միանալու նաեւ Իտալիոյ եւ Սպանիոյ մրցումներն ալ, երբ տեղի կ՛ունենան Ա. հանգրուանի ճակատումները: Կը կարծուի, թէ բոլոր մրցումներն ալ պիտի ըլլան հետաքրքրական: Ստորեւ` շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (Պէյրութի ժամանակացոյցով). ԱՆԳԼԻԱ. 2-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ Սթոք Սիթի - Մանչեսթըր Սիթի 14:30 Պըրնլի - Լիվըրփուլ 17:00 Սուանզի...

Ռուսիան Ներկայացնող Ալոյեան Հասաւ Աւարտական

Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող ողիմպիական խաղերու կռփամարտի 52 քկ դասակարգին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան կիսաւարտականի ճակատումները: Ռուսիան ներկայացնող հայ կռփամարտիկ Միհայիլ Ալոյեան իրաւարարներուն միաձայն որոշումով յաղթական հռչակուեցաւ Եու Զհին Կուանի դէմ եւ բնականաբար հասաւ աւարտական հանգրուան: Ոսկի մետալին համար իր տանելիք պայքարին, Ալոյեան պիտի ճակատի Ուզպեքիստանը ներկայացնող Շախոպիտին Զոյիրովի դէմ:  

Ժեն Ցիան Ամէնէն Երիտասարդ Ախոյեանը

Ժեն Ցիան Ամէնէն Երիտասարդ Ախոյեանը

Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունեցող 2016-ի ողիմպիականի խաղերուն, երէկ Ժեն Ցիան (Չինաստան) հանդիսացաւ ամէնէն երիտասարդ մարզիկը, որ կը տիրանայ ոսկի մետալի: Արդարեւ, ջուրի մէջ ցատկելու (10 մեթր բարձրութենէն) մրցումներուն, ան իր ամէնէն մօտիկ մրցակիցին գերազանցեց 20 կէտով: Ան, ընթացիկ ողիմպիականի խաղերուն, ոսկի մետալին տիրացած պահուն 15 տարեկան եւ 180 օրուան էր:

Գերմանական Ֆութպոլ. Ռոպեն 3 Շաբաթով Պիտի Բացակայի

Պարզուեցաւ, որ Պայէրն Միւնիխի միջնապահ Արժեն Ռոպենի ստացած վնասուածքը ենթադրուածէն աւելի ծանր է: Այս մասին կը յայտնէ «Sport-Bild»-ը: Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, հոլանտացին նուազագոյնը 3 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի կանաչ դաշտերէն:

Անգլիական Ֆութպոլ. Ուելպեք Ֆութպոլի Դաշտ Կը Վերադառնայ Դեկտեմբերին

Արսենալի մարզիչ Արսէն Վենկեր ըսաւ, որ ակումբին յառաջապահներէն` Տենի Ուելպեք, որ վնասուածք ստացած էր, նախատեսուած ժամկէտէն 4 ամիս առաջ շուտ պիտի վերադառնայ: Ան յայտնեց, որ բժիշկներուն ի գործ դրած մեծ ճիգին շնորհիւ Ուելպեք յառաջիկայ դեկտեմբերին կը վերադառնայ, փոխան 2017-ի ապրիլին:

Ռիօ-2016.  Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէն Հրապարակեց Պրազիլ Մեկնող Պատուիրակութիւնը

Աղջկանց Պասքեթպոլի Վոլիպոլի Եւ Հենտպոլի Աւարտական Մրցումները Յստակացան

Ռիոյի ողիմպիական խաղերուն, աղջկանց պասքեթպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականին իրենց կատարած մրցումին, Միացեալ Նահանգներ 86-67 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ֆրանսայի, ապահովեցին աւարտականի իրենց տոմսը: 20 օգոստոսին ամերիկացիք պիտի ճակատին Սպանիոյ դէմ: Աղջկանց Հենտպոլի կիսաւարտականին, Ռուսիա 38-37 արդիւնքով յաղթեց Նորվեկիոյ: Աւարտականին Ռուսիա կը մրցի Ֆրանսայի դէմ, որ իր տոմսը ապահովեց Հոլանտայի հաշուոյն: Ինչ կը վերաբերի աղջկանց վոլիպոլի մրցաշարքի աւարտականին, իրարու դէմ պիտի մրցին Չինաստանը...

Ռիօ-2016.  Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէն Հրապարակեց Պրազիլ Մեկնող Պատուիրակութիւնը

Միացեալ Նահանգներ Կը Մնան Պարագլուխի Դիրքին Վրայ

Վերջին քանի մը օրերուն նման երէկ եւս Միացեալ Նահանգներ մնացին պարագլուխի դիրքին վրայ, երբ Ռիօ տը Ժանէյրոյի 2016-ի ողիմպիական խաղերուն, ցարդ իրենց տրամադրութեան տակ ունին 32 ոսկի, 32 արծաթ եւ 31 պրոնզ մետալներ: Միացեալ Նահանգներուն կը յաջորդեն Անգլիա եւ Չինաստան: Ստորեւ` մետալներուն դասաւորումը.   ՈՍԿԻ ԱՐԾԱԹ ՊՐՈՆԶ ԳՈՒՄԱՐ 1.- Միացեալ Նահանգներ 32 32 31 95 2.- Անգլիա 21 21 13...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ Լիբանանի ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին ճակատումը` Սաֆայի եւ Նըժմէի միջեւ, տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 27 օգոստոսին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, Մարզական աւանին մէջ: Այլ գետնի վրայ, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի բաժակի մրցաշարքին աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 21 օգոստոսին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, դարձեալ Մարզական աւանին մէջ: Մրցումին ընթացքին իրարու դէմ պիտի ճակատին...

Ռուսիան Ներկայացնող Ալոյեան Հասաւ Կիսաւարտականին

Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունեցող ողիմպիական խաղերուն կը շարունակուին կռփամարտի 52 քկ դասակարգի մրցումները: Երէկ Ռուսիան ներկայացնող Միհայիլ Ալոյեան յաջողեցաւ ապահովել կիսաւարտականի իր տոմսը: Քառորդ աւարտականին իր կատարած մրցումին, 27 տարեկան կռփամարտիկը պարտութեան մատնեց (3-0) քոլոմպիացի Սէյպեր Աւիլան: Աւարտականի տոմս մը ապահովելու համար, այսօր Ալոյեան պէտք է յաղթէ Եու Զիան Կուանի (Չինաստան):  

Page 1073 of 1276 1 … 1,072 1,073 1,074 … 1,276

Արխիւներ