
Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջազգային բերդապահ Սթանիսլաւ Չերչեսով նշանակուեցաւ երկրի ազգային խումբի մարզիչ` մինչեւ 1 օգոստոս 2018 պայմանագրութիւն մը ստորագրելով Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ, յայտնեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
52 տարեկան Չերչեսով պիտի փորձէ լաւ կազմ մը պատրաստել` նկատի ունենալով, որ իր երկիրը 2018-ի Մոնտիալը պիտի հիւրընկալէ:


