
Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Ֆիորենթինայի յառաջապահ Մարիօ Կոմեզ վերադարձաւ «Պունտըսլիկա» եւ միացաւ Վոլֆսպուրկի:
31 տարեկան Կոմեզ իր նոր կազմին հետ պիտի կրէ թիւ 33 մարզաշապիկը:
Նախորդ տարեշրջանին ան փոխ տրուած էր Պեշիքթաշի, ուր նշանակելով 27 կոլ դարձած էր Թուրքիոյ կոլսքորըրը:
Կոմեզ, որ «Պունտըսլիկա»-էն հեռացած էր 2013-ին, նախապէս մաս կազմած է Շթութկարթի եւ Պայէրն Միւնիխի:


