
Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Էներկիա 3-2 արդիւնքով յաղթեց Սոքոլի:
Էներկիայի այս յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Ռուսլան Քորեան, որ դաշտ ներկայացաւ 53-րդ վայրկեանին:
Քորեան իր այս տուպլէն իրագործեց մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (92-րդ եւ 94-րդ), երբ անոր կազմը 2-1 արդիւնքով ետ կը մնար:


