Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունեցող ողիմպիական խաղերուն ընթացքին խթանիչ դեղերու օգտագործման պարագայ մը բացայայտուեցաւ երէկ:
Արդարեւ, տղոց ծանրաբարձութեան մրցումներուն (69 քկ) պրոնզէ մետալակիր Իզզաթ Արթիքով (Խըրխըզիստան) զրկուեցաւ իր շահած մետալէն:
Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն անոր մօտ յայտնաբերեց խթանիչ դեղերու գործածութեան պարագայ` կատարուած քննութիւններէն ետք:
Իր կարգին, ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնը (“IWF”) հաստատեց անոր դէմ սահմանուած վճիռը:
Նշենք, որ այժմ պրոնզ մետալը պիտի տրուի քոլոմպիացի Լուիս Խաւիէ Մոսքուերայի: