Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունեցող ողիմպիական խաղերուն մարմնամարզի մրցումներուն ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Ամալիա Շառոյեան:
Երեք քայլ ոստումի մրցումներուն, ան ցատկելով 5,95 մեթր, 38 ներկայացուցիչներուն մէջ գրաւեց 35-րդ դիրքը:
Լաւագոյն արդիւնքը ձեռք ձգեց Սերպիան ներկայացնող Իվանա Սփանովիչ:
Բնականաբար Շառոյեան դուրս մնաց խաղերէն, որովհետեւ յաջորդ հանգրուան հասան առաջինէն 11-րդ դիրքերը գրաւողները: