Մարզական

Արթուր Ալեքսանեանին Եւ Գոռ Մինասեանին` «Գիւմրիի Պատուոյ Քաղաքացի» Կոչում

ArmFootball.com կայքէն կը տեղեկանանք, որ Գիւմրիի քաղաքապետին որոշումին, Ռիօ-2016-ի ողիմպիականի խաղերուն մասնակցած գիւմրեցիներ Արթուր Ալեքսանեան եւ Գոռ Մինասեան, հայրենիք վերադառնալէ անմիջապէս ետք, պիտի արժանանան «Գիւմրիի պատուոյ քաղաքացի» կոչումին:

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, քննարկելէ ետք օրակարգին վրայ եղող հարցերը, յայտարարեց, որ Անսարի պատասխանատուներէն Իսամ Շահատէ ցմահ կը կախակայուի եւ հեռու կը մնայ ֆութպոլի առնչուող ամէն տեսակի հարցերէ իր ունեցած ոչ մարզավայել կեցուածքին եւ անպատասխանատու արարքին համար: Ֆետերասիոնը յայտնեց, թէ Յակոբ Տեմիրճեան եւ Սինթիա Նասրալլա Լիբանանը պիտի ներկայացնեն 16-18 նոյեմբեր 2016-ին Քուալա Լամփուրի մէջ կայանալիք Ասիոյ...

Գոռ Ագբալեան Հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի Երիտասարդական Հաւաքական

Հերաքլեսի միջնապահ Գոռ Ագբալեան հրաւիրուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքական: Այս մասին կը հաղորդէ հոլանտական ակումբին պաշտօնական կայքը: Նշենք, որ հայրենի կազմը 6 սեպտեմբերին, Եուրօ-2017-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, պիտի մրցի Պուլկարիոյ իր հասակակիցներուն դէմ: Նշենք, որ նախապէս, այլ առիթով մը 19 տարեկան Գոռ հրաւիրուեցաւ Հայաստանի երիտասարդական հաւաքական, սակայն մնաց պահեստի մարզիկներուն կողքին:

Լեւոն Փաչաճեան Եւ Իվան Եաքան Տուպլէ Կատարեցին

Շուէտի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Սետերթելիեն 5-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քարլսունտսին: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին միջնապահ Լեւոն Փաչաճեան (32 տարեկան) այս մրցումին տուպլէ մը կատարեց, ամբողջ մրցումին մասնակցելէ ետք: Իր կարգին, տուպլէ մը իրագործեց հայկական ծագումով միջնապահ Իվան Եաքան: Արդարեւ, պելճիքացի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին, անոր կազմը Սերքլը Պրիւժ, 4-1 արդիւնքով յաղթեց Տիուպիզի:...

Ղազախական Ֆութպոլ. Նարեկ Բեգլարեանի Առաջին Կոլը

Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներու ծիրին մէջ, Ժեթիսու իր դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Թոփոլի դէմ: Մրցումին 65-րդ վայրկեանին Ժեթիսուի յառաջապահ Նարեկ Բեգլարեան իր առաջին կոլը նշանակեց Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով: Ան փոխարինուեցաւ 78-րդ վայրկեանին: Նշենք, որ 30 տարեկան ֆութպոլիստը այս ամրան ընթացքին Գանձասար - Կապանէն տեղափոխուեցաւ Ժեթիսու:  

«Ռալֆ Լորըն» Եւ «Սփիտօ» Իրենց Պայմանագիրը Խզեցին Ողիմպիականի 6-Ակի Ախոյեանին Հետ

«Պի. Պի. Սի.» կը յայտնէ, թէ «Ռալֆ Լորեն» եւ «Սփիտօ» ընկերութիւնները իրենց պայմանագրութիւնները խզեցին ամերիկացի լողորդ Ռայըն Լոշթէի հետ: Այս որոշումին պատճառը Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունեցած 31-րդ ամառնային ողիմպիականի խաղերուն ընթացքին ամերիկացի լողորդներուն կողոպուտի գայթակղութիւնն էր: Ողիմպիականի 6-ակի ախոյեանը եւ անոր երեք խմբակիցները Պրազիլի ոստիկանութեան սխալ ցուցմունք տուած էին այն մասին, որ իրենք կողոպուտի ենթարկուած են: Երբ ճշմարտութիւնը...

Կիպրական Ֆութպոլ. Հայ Ֆութպոլիստները Նշեցին Իրենց Նորամուտը

Նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ Կիպրոսի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը: Փիւնիկի նախկին միջնապահ` Արթուր Եուզպաշեան, որ մաս կը կազմէ Անակենիսին, նշեց իր նորամուտը: Այս մասին կը յայտնէ ArmSport.am-ը: Եուզպաշեան, որ 37-րդ վայրկեանին դեղին քարտ մը ստացաւ, ամբողջ 90 վայրկեան մասնակցեցաւ մրցումին: Իրենց նորամուտը նշեցին նաեւ Տարօն Ոսկանեանն ու Դաւիթ Մանոյեանը, որոնք մաս կը կազմեն խումբին` Քարմիոթիսսայի հետ: Մանոյեան, մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին, մինչ Ոսկանեան, որ...

Փարալիմփիք Խաղեր.  Ռուսիոյ Բողոքը Մերժուեցաւ

Փարալիմփիք Խաղեր. Ռուսիոյ Բողոքը Մերժուեցաւ

Ռուսիա իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ 7-18 սեպտեմբերին Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունենալիք ամառնային փարալիմփիք խաղերուն: Այս մասին երէկ յայտնեց միջազգային մամուլը: Մարզական վճռաբեկ դատարանը («CAS») մերժեց Ռուսիոյ փարալիմփիք կոմիտէին խնդրանքը` ռուս մարզիկներուն մասնակցութեան վերաբերող: Նշենք, որ նախապէս միջազգային փարալիմփիք կոմիտէն կախակայած էր ռուս մարզիկները` խթանիչ եւ արգիլեալ դեղերու ("WADA") միջազգային գործակալութեան խնդրանքը մերժելով: Ռուսիա թէեւ բողոք ներկայացուցած էր, սակայն...

Ճոն Թերի Հաւանաբար Վերադառնայ Անգլիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբ

Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչ Սեմ Էլըրտայս յայտարարեց, որ Չելսիի յետսապահ Ճոն Թերին շատ հաւանաբար վերադառնայ միջազգային ասպարէզ: Նշենք, որ Թերի Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը լքեց 2012-ին: Էլըրտայս յայտնեց, որ Թերիի վերադարձին վերաբերող լուրին մասին ինք արտայայտուած է, բայց եւ այնպէս Թերի այս գծով ցարդ չէ ըսած իր խօսքը: Ըստ Էլըրտայսի մօտիկ ապագային հանդիպում մը պիտի կայանայ իր եւ Թերիի...

Հայկական Ֆութպոլ. Փիւնիկ – Գանձասար – Կապան Մրցումին Կեդրոնի Իրաւարարը Որակազրկուեցաւ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Փիւնիկ - Գանձասար Կապան մրցումին կեդրոնի իրաւարարը որակազրկուեցաւ, հակառակ անոր որ երկու ակումբներէն որեւէ տեսակի բողոք չներկայացուեցաւ ֆետերասիոնին: Հայաստանի իրաւարարներու յանձնախումբը այդ մրցումին ընթացքին կարգ մը սխալները նկատի առնելով, որոշեց որակազրկել Զաւէն Յովհաննիսեանին: Նշենք, որ իւրաքանչիւր խումբի մէկական մարզիկի ստացած դեղին քարտերը չեղեալ համարուեցան, որովհետեւ անոնք անտեղի էին:

2024-ի Ողիմպիական.  Փարիզ` Գլխաւոր Թեկնածուն

2024-ի Ողիմպիական. Փարիզ` Գլխաւոր Թեկնածուն

Միջազգային լրատու գործակալութիւններ երէկ յայտնեցին, որ ներկայիս Փարիզն է 2024-ին տեղի ունենալիք 33-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերը հիւրընկալելու գլխաւոր թեկնածուն: Փարիզէն բացի, իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են նաեւ` Պուտափեշթը, Լոս Անճելըսը եւ Հռոմը: Նշենք, որ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան սեպտեմբեր 2017-ին: Իսկ 2020-ի ողիմպիականը տեղի պիտի ունենայ Թոքիոյի մէջ:

ՀՄԸՄ-ական Եղբայրներ Մասնակցեցան Շուֆի Վազքի Մրցումին

                    Լեւոն Թաշճեան                                                         Մանուկ Թելֆէեան Կիրակի, 21 օգոստոս 2016-ին, Շուֆի Խրէյպի շրջանին մէջ տեղի ունեցան մարզական տարբեր տեսակի իրադարձութիւններ` կազմակերպութեամբ շրջանի քաղաքապետութեան: Այս ծիրին...

Հայաստանի Պատուիրակութիւնը Ռիոյէն Կը Վերադառնայ 26 Օգոստոսի Կէս Գիշերէն Ետք

Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Ռիօ տը Ժանէյրոյի 31-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերէն ետք, հայրենիքի մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան մեծ անհամբերութեամբ կը սպասեն: Պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ Հայաստանի ողիմպիական պատուիրակութիւնը Երեւան կը հասնի 26 օգոստոսի կէս գիշերէն ետք, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 00:40-ին, Տոհա - Երեւան օդանաւով:

Հայկական Ֆութպոլ. Փիւնիկի Առաջին Յաղթանակը. Շիրակի Յաղթարշաւը Կը Շարունակուի

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի 25-րդ ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, Փիւնիկ արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Գանձասար - Կապանը: Ալիք Առաքելեան (37-րդ եւ 90-րդ` փենալթիով) եւ Էրիք Պետրոսեան (80-րդ) նշանակեցին Փիւնիկի երեք անպատասխան կոլերը: Նոյն արդիւնքով Ալաշկերտ յաղթեց Բանանցին: Արտակ Դաշեան (47-րդ), Արթուր Եդիգարեան (76-րդ) եւ Եուրի Ֆոմենքօ (83-րդ) նշանակեցին յաղթական կազմին...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Նըժմէ` Տիտղոսակիր

Նախորդ շաբաթավերջին Մարզական աւանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին բաժակի մրցաշարքին աւարտական ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան երկրին ամէնէն շատ համակիր ունեցող ֆութպոլի խումբերը` Նըժմէ եւ Անսար: Մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 0-0 արդիւնքով: Երկարաձգման ընթացքին եւ մրցումին աւարտէն մէկ վայրկեան առաջ Նըժմէ նշանակեց կոլ մը եւ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով տիրացաւ տիտղոսին: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Աքրամ...

Յաջորդ Ողիմպիականը` Թոքիոյի Մէջ

Յաջորդ Ողիմպիականը` Թոքիոյի Մէջ

Կիրակիէն երկուշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին, Ռիօ տը Ժանէյրոյի Մարաքանա մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ողիմպիական խաղերու փակման պաշտօնական հանդիսութիւնը: Հանդիսաւոր ձեւով ողիմպիական խաղերու դրօշակը փոխանցուեցաւ 2020-ի ողիմպիականը հիւրընկալող Թոքիոյին (Ճափոն): Փակման այս հանդիսութեան գրեթէ ամբողջութիւնը տեղի ունեցաւ անձրեւուն տակ: Նշենք, որ փակման այս հանդիսութեան ընթացքին Հայաստանի դրօշակակիրը եղաւ ոսկի մետալի տիրացած յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան:  

Պոլիվիոյ Մարզիչը 93 Ֆութպոլիստ Հրաւիրեց Մարզական Հաւաքի

Պոլիվիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նոր մարզիչ Կիլերմօ Անխել Հոյոս որոշեց մեծաքանակ ֆութպոլիստներու առիթ տալ` իրենք զիրենք դրսեւորելու համար: «Պի. Պի. Սի.» կը հաղորդէ, որ ան մարզական հաւաքին հրաւիրեց 93 ֆութպոլիստներ, որոնց  կարգին` 7 բերդապահ, 27 յետսապահ, 34 միջնապահ եւ 25 յառաջապահ: Պոլիվիոյ հաւաքականը 53 տարեկան արժանթինցիին գլխաւորութեամբ իր առաջին պաշտօնական մրցումը պիտի կատարէ սեպտեմբերին` Փերուի դէմ, 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին...

Ռիօ-2016.  Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէն Հրապարակեց Պրազիլ Մեկնող Պատուիրակութիւնը

Ռիօ-2016 Ողիմպիական Խաղերու Մետալներուն Վերջնական Դասաւորումը

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Պրազիլի մէջ իրենց աւարտին հասան Ռիօ-2016-ի ամառնային ողիմպիական խաղերը, որոնց ընթացքին բոլոր մարզիկներն ալ անխտիր պայքարեցան իրենց երկիրներուն ապահովելու համար մետալներ, ինչ տեսակի ալ որ ըլլան անոնք: Մետալներուն վերջնական դասաւորումը պարզեց հետեւեալ պատկերը.   ՈՍԿԻ ԱՐԾԱԹ ՊՐՈՆԶ ԳՈՒՄԱՐ 1.- Միացեալ Նահանգներ 46 37 38 121 2.- Անգլիա 27 23 17 67 3.- Չինաստան 26 18...

Ռուսիան Ներկայացնող Ալոյեան` Արծաթէ Մետալակիր

Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերուն, տղոց կռփամարտի 52 քկ դասակարգի մրցումներուն աւարտականին, Ռուսիան ներկայացնող Միշա Ալոյեան չկրցաւ տիրանալ ոսկի մետալին, երբ 3-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Ուզպեքիստանի ներկայացուցիչ Շախոպիտին Զոյիրովիէն: Ալոյեան աւարտականի իր տոմսը ապահովեց 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Հու Զյանկ Կուանին (Չինաստան): Նշենք, որ 27 տարեկան Ալոյեան ծնած է Հայաստանի Բամպակաշատ գիւղին մէջ, բայց այժմ կ՛ապրի Նովոսիպիրսքի մէջ:

Դաւիթ Սաֆարեան Եւ Գէորգի Քեթոյեւ Չկրցան Պրոնզ Մետալի Տիրանալ

Դաւիթ Սաֆարեան Եւ Գէորգի Քեթոյեւ Չկրցան Պրոնզ Մետալի Տիրանալ

Հայաստանի մարզիկներուն կատարած վերջին մրցումէն Բոլոր երկիրներուն նման, երէկ Հայաստանի հաւաքականը աւարտեց իր ելոյթները` Ռիօ տը Ժանէրոյի մէջ (Պրազիլ) տեղի ունեցող ողիմպիական խաղերուն: Մրցումներուն վերջին օրը, պայքարի մէջ մտած Հայաստանի ազատ ոճի ըմբիշները` Դաւիթ Սաֆարեան (65 քկ) եւ Գէորգի Քեթոյեւ (97 քկ), պարտութիւններ կրեցին իրենց կատարած առաջին ճակատումներուն ընթացքին: Սաֆարեան իր պարտութիւնը կրեց 3-1 արդիւնքով, աշխարհի եւ Եւրոպայի գործող ախոյեան,...

Page 1072 of 1276 1 … 1,071 1,072 1,073 … 1,276

Արխիւներ