Մարզական

«Կինես»-Ի Մրցանիշ` Ապրիլեան Պատերազմի Զոհերուն Նուիրուած

25 օգոստոսին Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ ազգութեամբ եզիտի մարզիկ Մանուէլ Մամոյեան «Կինես»-ի նոր մրցանիշ սահմանեց` զայն նուիրելով ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին անմահացած հերոսներուն յիշատակին: Մանուէլ Մամոյեան երկրորդ փորձին կրցաւ 1 վայրկեանի մէջ բռունցքներուն վրայ 86 անգամ կատարել հենում-ծալում վարժութիւնը` նոր մրցանիշ սահմանելով: Նշենք, որ նախորդ մրցանիշը կը պատկանի Քանատան ներկայացնող Ռոյ Պերկերին` 84 անգամ: Վերջինս այս մրցանիշը սահմանած էր 18...

Տիգրան Բարսեղեան Միացաւ Վարտարին

Գանձասար - Կապանի միջնապահ Տիգրան Բարսեղեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Վարտարի հետ (Մակեդոնիա), երէկ յայտնեցին հայկական լրատուամիջոցները: Վարտարին միանալով` 22 տարեկան միջնապահը իրեն խմբակից պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Յովհաննէս Համբարձումեանը: Նշենք, որ Բարսեղեան Հայաստանի ազգային հաւաքականի հաւաքին չհրաւիրուեցաւ` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:  

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Լիբանանի 39-րդ Ռելին` 1-4 Սեպտեմբերին

PROFOTO Երէկ` հինգշաբթի, 25 օգոստոսին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք) տեղի ունեցաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ Լիբանանի 39-րդ միջազգային ռելին տեղի պիտի ունենայ 1-4 սեպտեմբերին: Նշենք, որ այս ռելին կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, մինչ անիկա Լիբանանի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի ռելին է: Այս ռելիին ընդհանուր երկարութիւնն է 664,13 քմ,...

ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Ակադեմիային 6-րդ Տարուան Փակումը

Յաջորդաբար 6-րդ տարին ըլլալով` ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ակադեմիան յաջող ձեւով կատարեց իր փակումը, երբ 2 ամսուան վրայ երկարած (2 յուլիսէն 25 օգոստոս) ամառնային յաջող բանակումը տուաւ իր սքանչելի պտուղը եւ 65 փոքրեր, 5-էն 15 տարեկան, ստացան իրենց յատուկ վկայագիրները: 4 դասակարգերու բաժնուած այդ փոքրերը 2 ամիս ամէնօրեայ դրութեամբ իրենց փորձերը կատարեցին ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ, հսկողութեամբ` երեք մարզիչներու. Սեպուհ...

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ` Եւրոպայի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ` Եւրոպայի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Երէկ` հինգշաբթի, 26 օգոստոսին, Մոնաքոյի մէջ (Ֆրանսա) տեղի ունեցաւ Եւրոպայի լաւագոյն ֆութպոլիստի ընտրութիւնը: Տիտղոսին համար նկատի առնուած էին երեք թեկնածուներ. Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, Կերըթ Պէյլ եւ Անթուան Կրիզման: «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կալային ընթացքին, Փորթուգալի եւ Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Ռոնալտօ, ընտրուեցաւ իբրեւ լաւագոյն ֆութպոլիստը` տիրանալով այս մրցանակին: Նշենք, որ այսպիսով ան երկրորդ անգամ ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին:  

Պայէրն Միւնիխ – Վերտըր Պրեմըն Բացման Մրցումով Այսօր Կը Սկսի «Պունտըսլիկա»-ն

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 2016-2017 տարեշրջանը կը սկսի այսօր, Պայէրն Միւնիխ - Վերտըր Պրեմըն բացման մրցումով: Ա. հանգրուանի մնացեալ ճակատումները կը շարունակուին շաբաթավերջին: Սպանիոյ մէջ այսօր տեղի կ՛ունենան երկու ճակատումներ, իսկ Ֆրանսայի մէջ` ճակատում մը միայն: Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով). ԳԵՐՄԱՆԻԱ. Ա. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ Պայէրն Միւնիխ - Վերտըր Պրեմըն 21:30 ՇԱԲԱԹ   Օկզպուրկ - Վոլֆսպուրկ 16:30 Պորուսիա...

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարքի 2016-2017 Տարեշրջանի Վիճակաձգութիւն

Երէկ` հինգշաբթի, 25 օգոստոսին, Մոնաքոյի մէջ (Ֆրանսա) տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2016-2017 տարեշրջանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը, երբ ամբողջացան զտումի ճակատումները: Հետաքրքրական պիտի ըլլայ իբրեւ մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլայի վերադարձը «Նու Քամփ»-ի մարզադաշտ, երբ անոր նոր կազմը` Մանչեսթըր Սիթի, ճակատի իր նախկին ակումբին` Պարսելոնայի դէմ: Այս Գ. խմբակը, որուն մաս կը կազմեն նաեւ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ եւ Սելթիք, կը նկատուի բաւական դժուար...

Ատա Հեկերպերկ` Եւրոպայի Լաւագոյն Աղջիկ Ֆութպոլիստը

Ֆրանսական Օլիմփիք Լիոն խումբին մաս կազմող նորվեկիացի ֆութպոլիստ Ատա Հեկերպերկ, երէկ ընտրուեցաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Եւրոպայի 2015-2016 տարեշրջանի լաւագոյն աղջիկ ֆութպոլիստը: 21 տարեկան Հեկերպերկ, իր ակումբին հետ նշանակելով 13 կոլ, հանդիսացաւ աղջկանց «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքի ախոյեան եւ լաւագոյն ռմբարկու:

Պրաւօ Միացաւ Մանչեսթըր Սիթիի

Մանչեսթըր Սիթի երէկ իր կազմին միացուց չիլիցի բերդապահ Քլաուտիօ Պրաւոն` Պարսելոնայէն, փոխան 18 միլիոն եւրոյի: 33 տարեկան Պրաւօ 4 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց անգլիական ակումբին հետ, որուն մարզիչն է նոյնինքն Պարսելոնայի նախկին մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլան: Պրաւօ, որ 106 անգամ կրած է Չիլիի ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը, 2014-ին Ռէալ Սոսիետատէն միացաւ Պարսայի:

Տանթէ Միացաւ Նիսի

Պրազիլցի կեդրոնի յետսապահ Տանթէ երէկ իր ակումբը` Վոլֆսպուրկը լքելով միացաւ Նիսի: 32 տարեկան Տանթէ, որ նախորդ տարուան օգոստոսին իր ակումբը` Պայէրն Միւնիխը լքելով միացած էր Վոլֆսպուրկի, անոր հետ «Պունտըսլիկա»-ի 23 մրցումի մասնակցեցաւ նախորդ տարեշրջանին:  

Վենթուրա Իտալիոյ Իր Կազմը Պիտի Օժտէ Երիտասարդ Ֆութպոլիստներով

Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նոր մարզիչ Ճիամփիեռօ Վենթուրա իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ իր ամէն կարելին պիտի ընէ իր կազմը օժտելու երիտասարդ ֆութպոլիստներով, որպէսզի կարենայ շատ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ընթացքին: 68 տարեկան մարզիչը ըսաւ, որ նկատի պիտի առնէ 21-23 տարեկան ֆութպոլիստները, ինչպէս նաեւ մտադիր է իր կազմին միացնել Իտալիոյ 21 տարեկանէն վար ազգային...

Փինկ Փոնկ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Թունուզ

Լիբանանի փինկ փոնկի պատուիրակութիւնը երէկ մեկնեցաւ Թունուզ` Համամաթ քաղաքին մէջ իր մասնակցութիւնը բերելու համար փինկ փոնկի Արաբական 25-րդ ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 24-29 օգոստոսին: Լիբանանի 15 տարեկանէն վար աղջկանց ազգային խումբին մաս կը կազմեն մարզիկներ Լեթիսիա Ազար, Ճենիֆըր Խայեաթ, Թալիա Ազար եւ Քրիսթի Արիտա: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Կեպի Արիտա, իսկ մարզիկներուն մարզիչն է Սամիր Խայեաթ: Նշենք, որ Ա....

Վարուժան Սուքիասեան Հրապարակեց Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականի Ընդլայնուած Կազմը

Ինչպէս ծանօթ է, 31 օգոստոսին ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի ազգային հաւաքականը հիւրը պիտի ըլլայ Չեխիոյ, իսկ 4 սեպտեմբերին Հայաստան Քոփենհակընի մէջ մրցում մը ունի կատարելիք Դանիոյ դէմ` 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով: Պատրաստուելու համար այդ մրցումներուն` հայրենի կազմը 28-29 օգոստոսին մարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ, իսկ 30 օգոստոսին պիտի մեկնի Չեխիոյ...

2008-ի Փեքինի Ողիմպիական. Տիգրան Վարդանի Մարտիրոսեան Կրնայ Հռչակուիլ Փոխախոյեան

Միջազգային ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնը («Այ. Տապլիու. Էֆ.» իր պաշտօնական կայքին միջոցով հրապարակեց 2008-ի Փեքինի ողիմպիական խաղերուն մասնակցած եւ խթանիչ դեղեր գործածած ծանրաբարձներուն անունները` իր հերթական վերստուգումները կատարելով: Անոնց կարգին են Ղազախստանի 4, Պիելոռուսիոյ եւ Չինաստանի 3-ական, Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ 2-ական եւ Ազրպէյճանի 1 ներկայացուցիչներ: Պիելոռուսիոյ մարզիկներէն մէկն է Անտրէյ Ռիպաքով, որ 85 քկ դասակարգին մէջ տիրացած էր արծաթ մետալին: Ծանրաբարձութեան միջազգային...

2 Հայ Ըմբիշներ Կը Մասնակցին Իրանի Ակումբներու Ախոյեանութեան

2 Հայ Ըմբիշներ Կը Մասնակցին Իրանի Ակումբներու Ախոյեանութեան

  Հայկական լրատուամիջոցներէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի յունահռոմէական ոճի հաւաքականի անդամներ Վարշամ Բորանեան եւ Ռոման Ամոյեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Իրանի ակումբներու ախոյեանութեան: 59 քկ դասակարգին մասնակցող Ամոյեան եւ 71 քկ դասակարգին մասնակցող Բորանեան հանդէս պիտի գան Իզէ քաղաքի համանուն խումբին հետ, յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Նշենք, որ այս մրցաշարքին Ա. հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ 29 օգոստոսէն 2...

Թիթէ Հրապարակեց Պրազիլի Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Կազմը

Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Պրազիլ յառաջիկայ ամիս զտումի մրցումներ ունի կատարելիք Էքուատորի եւ Քոլոմպիոյ դէմ: Պրազիլի մարզիչ Թիթէ, որ հրապարակեց իր կազմը, նկատի առաւ նաեւ 24 տարեկան յառաջապահ Նէյմարը, որ նախորդ շաբաթավերջին Պրազիլի հետ հանդիսացաւ ողիմպիականի ֆութպոլի մրցաշարքի ախոյեան: Պրազիլ, որ ցարդ իր կատարած վեց մրցումէն ապահոված է 9 կէտ, կը գրաւէ...

Հայկական Ֆութպոլ. Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը 18 Ֆութպոլիստներով Այսօր Կը Մեկնի Պիելոռուսիա

Այսօր` հինգշաբթի, 25 օգոստոսին, Հայաստանի 17 տարեկանէն վար ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 18 ֆութպոլիստներով կը մեկնի Պիելոռուսիա, ուր կը կատարէ ֆութպոլի բարեկամական 2 մրցում (26 եւ 28 օգոստոսին)` Պիելոռուսիոյ իր հասակակիցներուն դէմ: Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արթուր Ոսկանեան այս մրցումներուն նկատի առաւ հետեւեալ մարզիկները. ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Էրիք Մելիքսէթեան (Բանանց) եւ Արտեմիի Եգունեան (Չելիապինսք, Ռուսիա): ՅԵՏՍԱՊԱՀՆԵՐ.- Արսէն Եղիազարեան, Ֆելիքս Խաչատրեան,...

Ռոնալտոյի Վերադարձը` 10 Սեպտեմբերին

Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել 27 օգոստոսին Սելթա Վիկոյի դէմ տեղի ունենալիք «Լա լիկա»-ի 2-րդ հանգրուանի մրցումին, կը յայտնէ «ԱՍ»: Վիրաւոր Ռոնալտօ ֆութպոլի դաշտերը պիտի վերադառնայ 10 սեպտեմբերին, երբ «Լա լիկա»-ի 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ անոր կազմը ճակատի Օսասունայի դէմ: Ինչպէս ծանօթ է, Ռոնալտօ վիրաւորուեցաւ Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի մրցաշարքին Փորթուգալ - Ֆրանսա աւարտական ճակատումին:

Թեր Սթիկընի Պայմանագրութիւնը Պարսելոնայի Հետ` Մինչեւ 2021…

Պարսելոնայի գերմանացի բերդապահ Մարք - Անտրէ Թեր Սթիկընի պայմանագրութիւնը շատ հաւանաբար երկարաձգուի մինչեւ 2021, կը յայտնէ Sport.es: Այս պայմանագրութեան երկարաձգումին մասին լուրեր սկսան շրջանառութեան դրուիլ այն ժամանակ, երբ Քլաուտիօ Պրաւօ որոշեց հեռանալ Պարսելոնայէն, ինչ որ առիթ եղաւ գերմանացիին ըլլալու հիմնական բերդապահը: Նշենք, որ անոր գործող պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2019-ին:

Ուքրանիա – Քոսովօ Մրցումը` Չէզոք Դաշտի Վրայ

Ուքրանական մամուլին համաձայն, Ուքրանիա - Քոսովօ 2018-ի Մոնտիալի մրցաշարքի զտումի մրցումը տեղի պիտի ունենայ կա՛մ Պուլկարիոյ, կա՛մ ալ Թուրքիոյ մէջ, այսինքն` չէզոք դաշտի վրայ: Ըստ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կանոնագիրին, այդ մրցումը չի կրնար տեղի ունենալ Ուքրանիոյ մէջ, որովհետեւ վերջինս չի ճանչնար Քոսովոյի անկախութիւնը: Նշենք, որ այս մրցումը պիտի կատարուի 9 հոկտեմբերին:

Page 1071 of 1276 1 … 1,070 1,071 1,072 … 1,276

Արխիւներ