
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Փիւնիկ – Գանձասար Կապան մրցումին կեդրոնի իրաւարարը որակազրկուեցաւ, հակառակ անոր որ երկու ակումբներէն որեւէ տեսակի բողոք չներկայացուեցաւ ֆետերասիոնին:
Հայաստանի իրաւարարներու յանձնախումբը այդ մրցումին ընթացքին կարգ մը սխալները նկատի առնելով, որոշեց որակազրկել Զաւէն Յովհաննիսեանին:
Նշենք, որ իւրաքանչիւր խումբի մէկական մարզիկի ստացած դեղին քարտերը չեղեալ համարուեցան, որովհետեւ անոնք անտեղի էին:


