Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Ռիօ տը Ժանէյրոյի 31-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերէն ետք, հայրենիքի մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան մեծ անհամբերութեամբ կը սպասեն:
Պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ Հայաստանի ողիմպիական պատուիրակութիւնը Երեւան կը հասնի 26 օգոստոսի կէս գիշերէն ետք, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 00:40-ին, Տոհա – Երեւան օդանաւով: