«Պի. Պի. Սի.» կը յայտնէ, թէ «Ռալֆ Լորեն» եւ «Սփիտօ» ընկերութիւնները իրենց պայմանագրութիւնները խզեցին ամերիկացի լողորդ Ռայըն Լոշթէի հետ:
Այս որոշումին պատճառը Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունեցած 31-րդ ամառնային ողիմպիականի խաղերուն ընթացքին ամերիկացի լողորդներուն կողոպուտի գայթակղութիւնն էր:
Ողիմպիականի 6-ակի ախոյեանը եւ անոր երեք խմբակիցները Պրազիլի ոստիկանութեան սխալ ցուցմունք տուած էին այն մասին, որ իրենք կողոպուտի ենթարկուած են:
Երբ ճշմարտութիւնը բացայայտուեցաւ, Միացեալ Նահանգներու ողիմպիական կոմիտէն, պաշտօնապէս ներողութիւն խնդրեց Պրազիլէն եւ խոստացաւ այս գծով խիստ քայլերու դիմել: