
Հերաքլեսի միջնապահ Գոռ Ագբալեան հրաւիրուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքական: Այս մասին կը հաղորդէ հոլանտական ակումբին պաշտօնական կայքը:
Նշենք, որ հայրենի կազմը 6 սեպտեմբերին, Եուրօ-2017-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, պիտի մրցի Պուլկարիոյ իր հասակակիցներուն դէմ:
Նշենք, որ նախապէս, այլ առիթով մը 19 տարեկան Գոռ հրաւիրուեցաւ Հայաստանի երիտասարդական հաւաքական, սակայն մնաց պահեստի մարզիկներուն կողքին:


