Կիրակիէն երկուշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին, Ռիօ տը Ժանէյրոյի Մարաքանա մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ողիմպիական խաղերու փակման պաշտօնական հանդիսութիւնը:
Հանդիսաւոր ձեւով ողիմպիական խաղերու դրօշակը փոխանցուեցաւ 2020-ի ողիմպիականը հիւրընկալող Թոքիոյին (Ճափոն):
Փակման այս հանդիսութեան գրեթէ ամբողջութիւնը տեղի ունեցաւ անձրեւուն տակ:
Նշենք, որ փակման այս հանդիսութեան ընթացքին Հայաստանի դրօշակակիրը եղաւ ոսկի մետալի տիրացած յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան: