Նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ Կիպրոսի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը:
Փիւնիկի նախկին միջնապահ` Արթուր Եուզպաշեան, որ մաս կը կազմէ Անակենիսին, նշեց իր նորամուտը: Այս մասին կը յայտնէ ArmSport.am-ը:
Եուզպաշեան, որ 37-րդ վայրկեանին դեղին քարտ մը ստացաւ, ամբողջ 90 վայրկեան մասնակցեցաւ մրցումին:
Իրենց նորամուտը նշեցին նաեւ Տարօն Ոսկանեանն ու Դաւիթ Մանոյեանը, որոնք մաս կը կազմեն խումբին` Քարմիոթիսսայի հետ:
Մանոյեան, մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին, մինչ Ոսկանեան, որ աւելի ուշ միացած էր կիպրական խումբին, դաշտ ներկայացաւ 71-րդ վայրկեանին: