Միջազգային լրատու գործակալութիւններ երէկ յայտնեցին, որ ներկայիս Փարիզն է 2024-ին տեղի ունենալիք 33-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերը հիւրընկալելու գլխաւոր թեկնածուն:
Փարիզէն բացի, իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են նաեւ` Պուտափեշթը, Լոս Անճելըսը եւ Հռոմը:
Նշենք, որ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան սեպտեմբեր 2017-ին:
Իսկ 2020-ի ողիմպիականը տեղի պիտի ունենայ Թոքիոյի մէջ:


