Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, քննարկելէ ետք օրակարգին վրայ եղող հարցերը, յայտարարեց, որ Անսարի պատասխանատուներէն Իսամ Շահատէ ցմահ կը կախակայուի եւ հեռու կը մնայ ֆութպոլի առնչուող ամէն տեսակի հարցերէ իր ունեցած ոչ մարզավայել կեցուածքին եւ անպատասխանատու արարքին համար:
Ֆետերասիոնը յայտնեց, թէ Յակոբ Տեմիրճեան եւ Սինթիա Նասրալլա Լիբանանը պիտի ներկայացնեն 16-18 նոյեմբեր 2016-ին Քուալա Լամփուրի մէջ կայանալիք Ասիոյ աղջկանց ֆութպոլի առաջին մամլոյ ասուլիսին:
Յայտարարուեցաւ, որ Զուք Մոսպեհ մարզական ակումբը մաս կը կազմէ Լիբանանի աղջկանց ֆութպոլի ախոյեանութեան:
Ֆետերասիոնը շնորհաւորեց Նըժմէն, որ տիրացաւ Լիբանանի ֆետերասիոնի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին տիտղոսին` 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Անսարի:
Անսարի մարզիկներէն Ռապիհ Աթայա, Ալի Աթաթ, իսկ Նըժմէէն` Մահեր Սապրա եւ Մուսթաֆա Քասսապ, մէկական մրցումով կը կախակայուին եւ իրենց կազմին կատարելիք առաջին պաշտօնական մրցումէն կը բացակային:
Անսար 2 միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուելէ բացի, պարտի հոգալ նորոգութեան ծախսերը, մարզական Աւանին թրիպիւններուն, որոնց վնասը կը հասնի` 3 միլիոն 675 հազար լիբանանեան ոսկիի:
Ատկէ բացի, Անսարի նախագահ Նեպիլ Պատըրի ղրկուեցաւ ազդարարագիր-նամակ մը:
Անսար պէտք է հոգայ Անսար – Նըժմէ մրցումին օգնական իրաւարարին բժշկութեան ծախսերը, որոնք կը գնահատուին մէկ միլիոն 370 հազար լիբանանեան ոսկիով:
500 հազար լիբանանեան ոսկիի տուգանք մը ստացաւ Սալամ Զղարթա, իր անկարգապահութեան պատճառով: