
Կիրակի, 21 օգոստոս 2016-ին, Շուֆի Խրէյպի շրջանին մէջ տեղի ունեցան մարզական տարբեր տեսակի իրադարձութիւններ` կազմակերպութեամբ շրջանի քաղաքապետութեան:
Այս ծիրին մէջ, Խրէյպիի մարզական ակումբը կազմակերպած էր 10 քմ վազքի մրցում մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 800 երկսեռ վազողներ` շրջանի մարզական ակումբներէն եւ լիբանանեան բանակէն:
Անոր իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ ՀՄԸՄ` երկու մարզիկով:
Մանուկ Թելֆէեան, որ կը ներկայացնէր ՀՄԸՄ Պէյրութը, 10 քմ վազքի այս մրցումը աւարտեց 47 վայրկեանէն եւ իր տարիքի դասաւորման մէջ հանդիսացաւ առաջին:
Իսկ Լեւոն Թաշճեան, որ կը ներկայացնէր ՀՄԸՄ Այնճարը, 10 քմ վազքի այս մրցումը աւարտեց 51 վայրկեանէն եւ իր տարիքի դասաւորման մէջ գրաւեց 2-րդ դիրքը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` Խրէյպի մարզական ակումբի նախագահին ձեռամբ:
Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ-ական եղբայրները` իրենց ձեռք ձգած այս յաջողութեան համար: