Պոլիվիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նոր մարզիչ Կիլերմօ Անխել Հոյոս որոշեց մեծաքանակ ֆութպոլիստներու առիթ տալ` իրենք զիրենք դրսեւորելու համար:
«Պի. Պի. Սի.» կը հաղորդէ, որ ան մարզական հաւաքին հրաւիրեց 93 ֆութպոլիստներ, որոնց կարգին` 7 բերդապահ, 27 յետսապահ, 34 միջնապահ եւ 25 յառաջապահ:
Պոլիվիոյ հաւաքականը 53 տարեկան արժանթինցիին գլխաւորութեամբ իր առաջին պաշտօնական մրցումը պիտի կատարէ սեպտեմբերին` Փերուի դէմ, 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: