Ուքրանական մամուլին համաձայն, Ուքրանիա – Քոսովօ 2018-ի Մոնտիալի մրցաշարքի զտումի մրցումը տեղի պիտի ունենայ կա՛մ Պուլկարիոյ, կա՛մ ալ Թուրքիոյ մէջ, այսինքն` չէզոք դաշտի վրայ:
Ըստ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կանոնագիրին, այդ մրցումը չի կրնար տեղի ունենալ Ուքրանիոյ մէջ, որովհետեւ վերջինս չի ճանչնար Քոսովոյի անկախութիւնը:
Նշենք, որ այս մրցումը պիտի կատարուի 9 հոկտեմբերին: