
Հայկական լրատուամիջոցներէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի յունահռոմէական ոճի հաւաքականի անդամներ Վարշամ Բորանեան եւ Ռոման Ամոյեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Իրանի ակումբներու ախոյեանութեան:
59 քկ դասակարգին մասնակցող Ամոյեան եւ 71 քկ դասակարգին մասնակցող Բորանեան հանդէս պիտի գան Իզէ քաղաքի համանուն խումբին հետ, յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Նշենք, որ այս մրցաշարքին Ա. հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ 29 օգոստոսէն 2 սեպտեմբեր:


