Լիբանանի փինկ փոնկի պատուիրակութիւնը երէկ մեկնեցաւ Թունուզ` Համամաթ քաղաքին մէջ իր մասնակցութիւնը բերելու համար փինկ փոնկի Արաբական 25-րդ ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 24-29 օգոստոսին:
Լիբանանի 15 տարեկանէն վար աղջկանց ազգային խումբին մաս կը կազմեն մարզիկներ Լեթիսիա Ազար, Ճենիֆըր Խայեաթ, Թալիա Ազար եւ Քրիսթի Արիտա:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Կեպի Արիտա, իսկ մարզիկներուն մարզիչն է Սամիր Խայեաթ:
Նշենք, որ Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Լիբանանի խմբակին մէջ են Թունուզ, Եգիպտոս, Ալճերիա եւ Քաթար: