Մարզական

Համակիրները Կը Պահանջեն, Որ Մխիթարեան Խաղայ Առաջին Վայրկեանէն

Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մրցաշարքի  երրորդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Մանչեսթըր Եունայթըտ հիւրընկալուելով յաղթեց Հալ Սիթիի, իսկ Հենրիխ Մխիթարեան դաշտ ներկայացաւ 60-րդ վայրկեանին: Հայ ֆութպոլիստը զգալիօրէն աշխուժացուց  մանչեսթըրցիներուն խաղը, բան մը, որ շատ տպաւորեց  Մանչեսթըր Եունայթըտի համակիրները: Անոնք պահանջեցին Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մրցաշարքի չորրորդ հանգրուանին` Մանչեսթըր Սիթիի հետ մրցումին  Մխիթարեանը ներառել խումբի հիմնական կազմին մէջ: Համակիրները կը...

Ճոքովիչ. «Այժմ Հասած Եմ Իմ Գագաթնակէտիս»

Թենիսի մէջ աշխարհի թիւ մէկ դասուած Նովաք  Ճոքովիչ Նիւ Եորքի մէջ երէկ սկսած թենիսի Միացեալ Նահանգներու  բաց մրցաշարքին ընդառաջ  գնահատեց  իր մարզական վիճակը: «Վստահութիւնս բարձր մակարդակի վրայ է: Կը յուսամ, որ կը խուսափիմ վնասուածքներէ եւ կը յաջողիմ խաղալ իմ ուզածիս պէս: Կրան շլեմի մրցաշարքերը պատմականօրէն շատ արժէքաւոր են ոեւէ մարզիկի  համար: Ճիշդ այդ մրցաշարքերուն մէջ կ՛ուզեմ ցուցադրել իմ առաւելագոյնս: Հպարտ...

Անգլիական Կայքը Մխիթարեանը Համեմատեց Հիթ Լեճըրի Ճոքըրին Հետ

Անգլիական «Մանչեսթըր Իվնինկ Նիուզ» կայքը իր լայնածաւալ յօդուածին մէջ անդրադարձած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ խումբի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանին` զայն համեմատելով «Պեթմըն. մռայլ ասպետ» շարժապատկերի հերոս Ճոքըրի հետ: Կայքը գրած է. «Մանչեսթըր Եունայթըտի փլէյմեյքըր Հենրիխ Մխիթարեան, Հալ Սիթիի հետ խաղին ընթացքին ապացուցեց, թէ ինչո՛ւ պէտք է ներառուի խումբի հիմնական  կազմին մէջ: Սաութհեմփթընի հետ խաղին մէջ Հենրիխ Մխիթարեան...

Մարատոնա Ձերբակալուեցաւ Կեղծ Անցագիրի Համար

Արժանթինի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին անդամ եւ գլխաւոր մարզիչ Տիեկօ Մարատոնա կեղծ անցագիրի համար ձերբակալուած է Պուէնոս Այրեսի օդակայանին մէջ: 55-ամեայ Մարատոնան ընկերուհիին հետ փորձած է բարձրանալ Տուպայի օդանաւը, սակայն ոստիկանութիւնը չէ արտօնած, որ ան հեռանայ երկրէն: Աշխարհի ախոյեանութիւնը նուաճած Մարատոնա  յայտարարած է, որ ոստիկանութեան գործողութիւնը իշխանութեան պատասխանն է իր քաղաքական դիրքորոշումին դէմ:

Ֆերտինանտ. «Մխիթարեան Եւ Ռաշֆորտ Փոխեցին Խաղին Ներուժը»

  Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին յետսապահ Ռիօ Ֆերտինանտ անդրադառնալով  Հալ Սիթիի դէմ Եունայթըտի յաղթանակին (1-0), ըսաւ. «Մարքուս Ռաշֆորտ եւ Հենրիխ Մխիթարեան ամէնէն աշխուժն էին, անոնք խումբին կը հաղորդեն այնպիսի բաներ, որոնք Անթոնի Մարշիալը եւ  Խուան Մաթան չեն կրնար տալ: Մխիթարեան եւ Ռաշֆորտ զանոնք փոխարինելով խաղին ներուժը ամբողջովին փոխեցին: Առաւելագոյն 9 կէտէն` 9 կէտ», ըսաւ Ֆերտինանտ:

Մարզական Ծիծաղ… Ծիծաղ  Գնդակը Աւելի Մօտէն…

Մարզական Ծիծաղ… Ծիծաղ Գնդակը Աւելի Մօտէն…

Գնդակը Աւելի Մօտէն... Պասքեթպոլի դպրոցական խումբին մարզիչը դժգոհ է Վարդանիկի խաղարկութենէն եւ միշտ կը թելադրէ, որ աւելի ճիգ ընէ: Ատեն մը ետք Վարդանիկ կը հարցնէ մարզիչին. - Խաղս սկսա՞ւ բարելաւուիլ: Մարզիչը կ՛ըսէ. - Այո՛, այո՛: Հիմա գնդակը աւելի մօտէն սկսած ես դուրս նետել:   Վերջինէն Վատը Երկու տարբեր խումբերու համակիրներ կը զրուցեն: Մէկը կ՛ըսէ. - Քսան խումբ կայ ախոյեանութեան մէջ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Շիրահ Պուար` 47-76

ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ մրցեցաւ Շիրահ Պուար խումբին դէմ, 76-47 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց վերջինէս (26-11, 8-16, 22-8 եւ 20-12): Առաջին քորթըրին քիչ մը ուշանալէ ետք, երկրորդ քորթըրին ՀՄԸՄ-ի տղաքը թէեւ յաջողեցան բարելաւել իրենց խաղարկութիւնը, սակայն նկատի ունենալով, որ վերջին երկու քորթըրներուն մրցակից կազմը ինք եղաւ աւելի շատ կէտեր նշանակողը,...

Հազարաւոր Հայորդիներու Ներկայութեան.  Հայաստանի Մետալակիրները Դիմաւորուեցան «Զուարթնոց» Օդակայանի Մէջ

Հազարաւոր Հայորդիներու Ներկայութեան. Հայաստանի Մետալակիրները Դիմաւորուեցան «Զուարթնոց» Օդակայանի Մէջ

Շաբաթ, 27 օգոստոսին, առաւօտեան կանուխ ժամերուն, Ռիօ տը Ժանէյրոյէն հայրենիք վերադարձաւ Հայաստանի ողիմպիական պատուիրակութեան վերջին մասը: «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ հայ մետալակիր մարզիկները եւ անոնց մարզիչները արժանացան շատ ջերմ ընդունելութեան: Մինչեւ հայկական պատուիրակութեան ժամանումը, օդակայանին մէջ հաւաքուած էին մեծ թիւով հայորդիներ: Հազարաւորներ անհամբեր կը սպասէին մետալակիրներուն: Օդակայանին մէջ կը հնչէր ազգային հայրենասիրական երաժշտութիւն, շատ տեղեր ալ ներկաները ազգային պարեր կը պարէին:...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Պայէրն Միւնիխ Մեծ Յաղթանակով Մը Սկսաւ 2016-2017 Տարեշրջանը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պայէրն Միւնիխ Մեծ Յաղթանակով Մը Սկսաւ 2016-2017 Տարեշրջանը

Պայէրն Միւնիխի մարզիկները Անգլիոյ, Սպանիոյ, Իտալիոյ եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան նման, նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ նաեւ Գերմանիոյ` «Պունտըսլիկա»-ի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան Ա. հանգրուանի հանդիպումները: Ախոյեան Պայէրն Միւնիխ տպաւորիչ եւ մեծ յաղթանակով մը սկսաւ 2016-2017 տարեշրջանը, երբ 6-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Վերտըր Պրեմընը, 75 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան: Ռոպերթ Լեվանտովսքի իրագործեց տարեշրջանի առաջին հեթրիքը (13-րդ, 46-րդ եւ 77-րդ` փենալթիով):...

Թենիս. Կարէն Խաչանով «Եու. Էս. Օփըն»-ի Իր Տոմսը Ապահովեց

Ռուսիան ներկայացնող Կարէն Խաչանով յաջողեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին համար տոմս մը ապահովել: Զտումի վերջին` երրորդ հանգրուանին, 20 տարեկան Խաչանով 6-3, 4-6 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց հարաւային ափրիկեցի Նոահ Ռուպիի: Նշենք, որ այսօր սկսելիք Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Խաչանովի մրցակիցը պիտի ըլլայ իտալացի Թոմաս Ֆապիանօ: Սակայն Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Ալեքսանտր Սարգիսով...

Արթուր Ալեքսանեան Եւ Գոռ Մինասեան Տուին Շիրակ – Ալաշկերտ Մրցումին Առաջին Հարուածը

Ուրբաթ, 26 օգոստոսէն իսկ սկսեալ Շիրակ Գիւմրի տեսած էր իր պատրաստութիւնները` Գիւմրիի քաղաքային մարզադաշտին մէջ հիւրընկալելու հայ ողիմպիական հերոսները` ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեանը եւ ծանրաբարձ Գոռ Մինասեանը: Շիրակ - Ալաշկերտ մրցումէն առաջ անոնք խորհրդանշական տարազներ ստացան Շիրակի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Բչախչեանէն: Մրցումին ազդանշանը տուող սուլիչէն ետք, դաշտին կեդրոնը գնդակը առաջին հարուածողը եղան հայրենի ողիմպիականները, ապա արդէն մրցումը շարունակուեցաւ:

Ըմբշամարտ` Աշխարհի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Հաւաքականներուն Կազմերը Յստակ Են

30 օգոստոսէն 4 սեպտեմբեր ֆրանսական Մաքոն քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ աշխարհի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութիւնը: Հայաստանի ազատ եւ յունահռոմէական ոճերու հաւաքականները Երեւանի եւ Աբովեանի մէջ կը շարունակեն նախապատրաստուիլ այս ախոյեանութեան: Ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականին մէջ ընդգրկուած են հետեւեալ ըմբիշները. Արման Անտոնեան (50 քկ), Մխիթար Գրիգորեան (55 քկ), Յարութիւն Բարսեղեան (60 քկ), Յակոբ Աւետիսեան (66 քկ), Տիգրան Մնացականեան (74 քկ) եւ...

Շարափովա` Ռուսիոյ Ամէնէն Հարուստ Կիներու Առաջին 25-ին Մէջ

Ռուս անուանի թենիսվումըն Մարիա Շարափովա, իր ունեցած նիւթական հարստութեան շնորհիւ կը համեմատուի շարք մը յառաջատար միլիոնատէրներու հետ: 29 տարեկան Շարափովայի ունեցած ընդհանուր գումարը կը գնահատուի 260 միլիոն ամերիկեան տոլարով, կը յայտնէ «Ֆորպս»: Վերոնշեալ հեղինակաւոր պարբերաթերթը Շարափովան ընդգրկեց Ռուսիոյ 25 ամէնէն հարուստ կիներու ցանկին մէջ: Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի ցանկի միակ միլիառատէրը` Ելենա Պաթուրինա (1,1 միլիառ ամերիկեան տոլար):

Գիւմրիի Քաղաքային Մարզադաշտը Պատրաստ Է Դիմաւորելու Մետալակիր Մարզիկները

Գիւմրիի Քաղաքային Մարզադաշտը Պատրաստ Է Դիմաւորելու Մետալակիր Մարզիկները

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Գիւմրիի քաղաքային մարզադաշտին մուտքին զետեղուած են Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունեցած ողիմպիական խաղերուն մասնակցած եւ մետալներու տիրացած գիւմրեցի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեանի եւ փոխախոյեան Գոռ Մինասեանի հսկայ լուսանկարները: Լուսանկարները զետեղուած են ողիմպիական մետալակիրները դիմաւորելու նախապատրաստութիւններուն շրջագիծին մէջ: Նշենք, որ քաղաքային մարզադաշտին վրայ վաղը` շաբաթ, 27 օգոստոսին, Շիրակ կը հիւրընկալէ Ալաշկերտը, բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան...

Կարէն Բարսեղեան Հրապարակեց Հայաստանի 21 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականի Կազմը

Հայաստանի ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Կարէն Բարսեղեան երէկ հրապարակեց իր կազմը, որ պիտի պատրաստուի 6 սեպտեմբերին Պուլկարիոյ դէմ տեղի ունենալիք Եւրոպայի 2017-ի ախոյեանութեան զտումի մրցումին: Նշենք, որ 31 օգոստոսէն 6 սեպտեմբեր խումբը հաւաք մը պիտի կատարէ Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Ստորեւ Բարսեղեանի կողմէ հրապարակուած կազմը. ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Անաթոլի Այվազով (Շիրակ), Արման Մելիքսեթեան (Արարատ) եւ Հենրի Աւագեան (Բանանց): ՅԵՏՍԱՊԱՀՆԵՐ.-...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Հալ Սիթի – Մանչեսթըր Եունայթըտ

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Անգլիոյ մէջ կը կատարուին 3-րդ, իսկ Իտալիոյ պարագային` 2-րդ հանգրուանի մրցումները: Ցարդ երկուքական յաղթանակ արձանագրած Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Հալ Սիթի կը ճակատին իրարու դէմ` առաջինին դաշտին վրայ: Նշենք, որ երկուքական յաղթանակ արձանագրած են նաեւ երկու այլ կազմեր եւս` Մանչեսթըր Սիթի եւ Չելսի: Իտալիոյ մէջ կը կատարուին շարք մը այլ հետաքրքրական...

Դաւիթ Արշակեան Շիքակօ Ֆայըրի Հետ Պիտի Կրէ Թիւ 10 Մարզաշապիկը

«Մէյճըր լիկ»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Շիքակօ Ֆայըրի նորեկ ֆութպոլիստ Դաւիթ Արշակեան իր կազմին հետ դաշտ պիտի ներկայանայ` կրելով թիւ 10 մարզաշապիկը, յայտնեց ամերիկեան ակումբին պաշտօնական կայքը: Նշենք, որ անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին, 22 տարեկան Արշակեան 3 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Շիքակօ Ֆայըրի հետ: Նշենք, որ Միքա Երեւանի նախկին ֆութպոլիստը Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուեցաւ Թրաքայէն (Լիթուանիա), ուր ելոյթ կ՛ունենար...

Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը 2-2 Արդիւնքով Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց Պիելոռուսիոյ Հետ

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ երէկ Հայաստանի 17 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականը 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Պիելոռուսիոյ իր հասակակիցներուն հետ: Հայրենի կազմին կոլերը նշանակեցին Ժիրայր Շաղոյեան եւ Էրիք Աւետիսեան: Երկու կազմերը վաղը` կիրակի, 28 օգոստոսին, դարձեալ իրարու դէմ յանդիման պիտի գան:

Հանրի Նշանակուեցաւ Պելճիքայի Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչի Երկրորդ Օգնական

Պելճիքայի ֆութպոլի ֆետերասիոնի թեքնիք տնօրէն Քրիս Վան Փույվելտէ յայտարարեց, որ Արսենալի նախկին յառաջապահ, ֆրանսացի Թիերի Հանրի նշանակուեցաւ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի նոր մարզիչ Ռոպերթօ Մարթինեզի երկրորդ օգնականը: Առաջին օգնական-մարզիչը պիտի ըլլայ Կրեհեմ Ճոնզ: Նշենք, որ Հանրի մարզիչն էր Արսենալի 18 տարեկանէն վար խումբին, ուրկէ հեռացաւ նախորդ յուլիսին, երբ որոշ տարակարծութիւններ ունեցաւ Արսենալի գլխաւոր մարզիչ Արսեն Վենկերի հետ:  

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Կարէն Խաչանով Եւ Ալեքսանտր Սարգիսեան` Յաղթական

Ռուսիան ներկայացնող Կարէն Խաչանով, «Եու. Էս. Օփըն»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի մրցումներուն, 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթեց սպանացի Ատրիան Մենենտես - Մասէյրասին: Զտումի վերջին հանգրուանի մրցումներուն, 20 տարեկան Խաչանովի մրցակիցը պիտի ըլլայ հարաւային ափրիկեցի Նոահ Ռուպին: Զտումի Բ. հանգրուանին յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Ալեքսանտր Սարգիսեան, որ 7-6 եւ 6-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ֆրանսացի`...

Page 1070 of 1276 1 … 1,069 1,070 1,071 … 1,276

Արխիւներ