Միջազգային ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնը («Այ. Տապլիու. Էֆ.» իր պաշտօնական կայքին միջոցով հրապարակեց 2008-ի Փեքինի ողիմպիական խաղերուն մասնակցած եւ խթանիչ դեղեր գործածած ծանրաբարձներուն անունները` իր հերթական վերստուգումները կատարելով:
Անոնց կարգին են Ղազախստանի 4, Պիելոռուսիոյ եւ Չինաստանի 3-ական, Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ 2-ական եւ Ազրպէյճանի 1 ներկայացուցիչներ:
Պիելոռուսիոյ մարզիկներէն մէկն է Անտրէյ Ռիպաքով, որ 85 քկ դասակարգին մէջ տիրացած էր արծաթ մետալին:
Ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնը ժամանակաւորապէս որակազրկած է դրական արդիւնք տուած մարզիկները, մինչեւ ամբողջացումը անոնց թղթածրարին:
Եթէ այդ որակազրկումները հաստատուին, Ռիպաքովէն պիտի խլուի արծաթ մետալը եւ Փեքինի ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան պիտի հռչակուի Հայաստանի ներկայացուցիչը` Տիգրան Վարդանի Մարտիրոսեան, որ տիրացած էր պրոնզ մետալին: