
Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նոր մարզիչ Ճիամփիեռօ Վենթուրա իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ իր ամէն կարելին պիտի ընէ իր կազմը օժտելու երիտասարդ ֆութպոլիստներով, որպէսզի կարենայ շատ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ընթացքին:
68 տարեկան մարզիչը ըսաւ, որ նկատի պիտի առնէ 21-23 տարեկան ֆութպոլիստները, ինչպէս նաեւ մտադիր է իր կազմին միացնել Իտալիոյ 21 տարեկանէն վար ազգային խումբէն քանի մը մարզիկներ:
Ան իր կազմին անուանացանկը պիտի յայտարարէ վաղը` շաբաթ:
1 սեպտեմբերին Իտալիա Պարիի մէջ ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Ֆրանսայի դէմ, իսկ 5 սեպտեմբերին պիտի մրցի Իսրայէլի դէմ (2018-ի մոնտիալի զտում):
Է. խմբակին մաս կը կազմեն նաեւ` Սպանիա, Ալպանիա, Մակեդոնիա եւ Լիխթնշթայն:


