Պարսելոնայի գերմանացի բերդապահ Մարք – Անտրէ Թեր Սթիկընի պայմանագրութիւնը շատ հաւանաբար երկարաձգուի մինչեւ 2021, կը յայտնէ Sport.es:
Այս պայմանագրութեան երկարաձգումին մասին լուրեր սկսան շրջանառութեան դրուիլ այն ժամանակ, երբ Քլաուտիօ Պրաւօ որոշեց հեռանալ Պարսելոնայէն, ինչ որ առիթ եղաւ գերմանացիին ըլլալու հիմնական բերդապահը:
Նշենք, որ անոր գործող պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2019-ին: