Երէկ` հինգշաբթի, 26 օգոստոսին, Մոնաքոյի մէջ (Ֆրանսա) տեղի ունեցաւ Եւրոպայի լաւագոյն ֆութպոլիստի ընտրութիւնը:
Տիտղոսին համար նկատի առնուած էին երեք թեկնածուներ. Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, Կերըթ Պէյլ եւ Անթուան Կրիզման:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կալային ընթացքին, Փորթուգալի եւ Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Ռոնալտօ, ընտրուեցաւ իբրեւ լաւագոյն ֆութպոլիստը` տիրանալով այս մրցանակին:
Նշենք, որ այսպիսով ան երկրորդ անգամ ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին: