
25 օգոստոսին Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ ազգութեամբ եզիտի մարզիկ Մանուէլ Մամոյեան «Կինես»-ի նոր մրցանիշ սահմանեց` զայն նուիրելով ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին անմահացած հերոսներուն յիշատակին: Մանուէլ Մամոյեան երկրորդ փորձին կրցաւ 1 վայրկեանի մէջ բռունցքներուն վրայ 86 անգամ կատարել հենում-ծալում վարժութիւնը` նոր մրցանիշ սահմանելով: Նշենք, որ նախորդ մրցանիշը կը պատկանի Քանատան ներկայացնող Ռոյ Պերկերին` 84 անգամ: Վերջինս այս մրցանիշը սահմանած էր 18 յունիսին:


