
Երէկ` հինգշաբթի, 25 օգոստոսին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք) տեղի ունեցաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ Լիբանանի 39-րդ միջազգային ռելին տեղի պիտի ունենայ 1-4 սեպտեմբերին:
Նշենք, որ այս ռելին կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, մինչ անիկա Լիբանանի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի ռելին է:
Այս ռելիին ընդհանուր երկարութիւնն է 664,13 քմ, որուն 209,10 քիլոմեթրը պիտի ըլլայ ժամացոյցի դէմ:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերող անուանի վարորդներ 1 սեպտեմբերին «Ա. Թէ. Սէ. Էլ»-ի մէջ պիտի տան յատուկ մամլոյ ասուլիս մը:
34 ինքնաշարժներու մասնակցութեամբ տեղի ունենալիք այս ռելիին 29 մասնակիցները լիբանանցի վարորդներ են, իսկ 5-ը` քաթարցիներ:
Կազմակերպիչ ակումբին պատասխանատուները, նախորդ տարիներուն նման, շեշտեցին այս ռելիին կարեւորութիւնը` նշելով, որ անիկա դարձեալ պիտի ըլլայ հետաքրքրական եւ անոր ընթացքին պիտի մղուի սուր պայքար` վարորդներուն միջեւ: