Յաջորդաբար 6-րդ տարին ըլլալով` ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ակադեմիան յաջող ձեւով կատարեց իր փակումը, երբ 2 ամսուան վրայ երկարած (2 յուլիսէն 25 օգոստոս) ամառնային յաջող բանակումը տուաւ իր սքանչելի պտուղը եւ 65 փոքրեր, 5-էն 15 տարեկան, ստացան իրենց յատուկ վկայագիրները:
4 դասակարգերու բաժնուած այդ փոքրերը 2 ամիս ամէնօրեայ դրութեամբ իրենց փորձերը կատարեցին ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ, հսկողութեամբ` երեք մարզիչներու. Սեպուհ Պապիկեան, Սագօ Էսքիճեան եւ Գօգօ Ահարոնեան:
Ամառնային այս բանակումը երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումէ մը ետք, մասնակիցները ստացան իրենց վկայագիրները` ՀՄԸՄ-ի ակադեմիային պատասխանատուներէն:
Մարզիչներուն եւ պատասխանատուներուն իսկ վկայութեամբ, բոլորին մօտ ալ արձանագրուած է բաւական յառաջիմութիւն, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք այն պարագան, որ 4 մարզիկներ իրենց տարիքային բաժանմունքէն Բ. խմբակէն բարձրացան Ա. խմբակ:
Այդ 65 վկայագիր ստացածներէն ընտրուած 16-ը 30 օգոստոսէն 4 սեպտեմբեր պիտի մեկնին Կիպրոս` յատուկ բանակումի մը մասնակցելու համար:
Ինչ կը վերաբերի այսուհետեւ ակադեմիային կատարելիք փորձերուն, անոնք պիտի շարունակուին ամէն շաբաթ օրերը, նոյն վայրին մէջ, առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:00:
Վարձքը կատար բոլորին եւ շնորհաւորութիւններ` բոլոր վկայագիր ստացողներուն: