Մանչեսթըր Սիթի երէկ իր կազմին միացուց չիլիցի բերդապահ Քլաուտիօ Պրաւոն` Պարսելոնայէն, փոխան 18 միլիոն եւրոյի:
33 տարեկան Պրաւօ 4 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց անգլիական ակումբին հետ, որուն մարզիչն է նոյնինքն Պարսելոնայի նախկին մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլան:
Պրաւօ, որ 106 անգամ կրած է Չիլիի ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը, 2014-ին Ռէալ Սոսիետատէն միացաւ Պարսայի: