
Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ մրցեցաւ Շիրահ Պուար խումբին դէմ, 76-47 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց վերջինէս (26-11, 8-16, 22-8 եւ 20-12):
Առաջին քորթըրին քիչ մը ուշանալէ ետք, երկրորդ քորթըրին ՀՄԸՄ-ի տղաքը թէեւ յաջողեցան բարելաւել իրենց խաղարկութիւնը, սակայն նկատի ունենալով, որ վերջին երկու քորթըրներուն մրցակից կազմը ինք եղաւ աւելի շատ կէտեր նշանակողը, ՀՄԸՄ պարտութիւն մը կրեց անկէ:
Քալամուն խումբը որ հանդիսացաւ հիւսիսային Լիբանանի նահանգի Դ. դասակարգի տղոց ախոյեան, 66-58 արդիւնքով յաղթելէ ետք Մինա Թրիփոլիի, ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը:
Հիւսիսային Լիբանանի նահանգի ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 15 խումբեր, որոնց կարգին` ՀՄԸՄ Թրիփոլի, որ թէեւ յաջողեցաւ հասնիլ կիսաւարտական հանգրուան, սակայն 66-58 արդիւնքով պարտուեցաւ Քալամունէն: Իսկ կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումին Մինա յաղթեց Ֆուարի (70-55):