Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հազարաւոր Հայորդիներու Ներկայութեան. Հայաստանի Մետալակիրները Դիմաւորուեցան «Զուարթնոց» Օդակայանի Մէջ

August 29, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1arm_82816

Շաբաթ, 27 օգոստոսին, առաւօտեան կանուխ ժամերուն, Ռիօ տը Ժանէյրոյէն հայրենիք վերադարձաւ Հայաստանի ողիմպիական պատուիրակութեան վերջին մասը:

«Զուարթնոց» օդակայանին մէջ հայ մետալակիր մարզիկները եւ անոնց մարզիչները արժանացան շատ ջերմ ընդունելութեան:

Մինչեւ հայկական պատուիրակութեան ժամանումը, օդակայանին մէջ հաւաքուած էին մեծ թիւով հայորդիներ:

Հազարաւորներ անհամբեր կը սպասէին մետալակիրներուն:

Օդակայանին մէջ կը հնչէր ազգային հայրենասիրական երաժշտութիւն, շատ տեղեր ալ ներկաները ազգային պարեր կը պարէին: «Արթուր, Միհրան, ախոյեա՛ն», կը բացագանչէին ներկաները:

2arm_82816

Երբ Պրազիլէն վերադարձած մետալակիրները դուրս եկան օդակայանէն, բոլորին ուրախութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին:

Օդակայանէն մինչեւ անոնց տրամադրուած փոխադրակառքը ուղղուիլը հրավառութիւն կատարուեցաւ` ստեղծելով տօնական մթնոլորտ մը:

Հերոսներուն դիմաւորելու եկած էին նաեւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ, կ՛եզրափակէ ArmSport.am:

Այս գծով news.am կը հաղորդէ, որ մետալակիրներուն դափնեայ պսակներ յանձնեցին Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան եւ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան` Հայաստանի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք:

Նշենք, որ աւելի ուշ Միհրան Յարութիւնեան իբրեւ նուէր Գագիկ Ծառուկեանէն ստացաւ ոսկի մետալ մը իբրեւ Հայաստանի 15-րդ ողիմպիականի ախոյեան` նկատի ունենալով, որ ան Պրազիլի մէջ կողմնակալութեան պատճառով զրկուած էր ոսկի մետալէն:

Լուսանկարները`
ԳԷՈՐԳ ՂԱԶԱՐԵԱՆԻ

Նախորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պայէրն Միւնիխ Մեծ Յաղթանակով Մը Սկսաւ 2016-2017 Տարեշրջանը

Յաջորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Շիրահ Պուար` 47-76

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Ռիատի
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Ռիատի

February 14, 2026
Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` Իժթիմահի-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ
Մարզական

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Վաղը` Իժթիմահի-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

February 14, 2026
Ուասլ.  Ռիատի Եւ Սաժես Յաղթեցին
Մարզական

Ուասլ. Ռիատի Եւ Սաժես Յաղթեցին

February 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.