Արժանթինի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին անդամ եւ գլխաւոր մարզիչ Տիեկօ Մարատոնա կեղծ անցագիրի համար ձերբակալուած է Պուէնոս Այրեսի օդակայանին մէջ:
55-ամեայ Մարատոնան ընկերուհիին հետ փորձած է բարձրանալ Տուպայի օդանաւը, սակայն ոստիկանութիւնը չէ արտօնած, որ ան հեռանայ երկրէն:
Աշխարհի ախոյեանութիւնը նուաճած Մարատոնա յայտարարած է, որ ոստիկանութեան գործողութիւնը իշխանութեան պատասխանն է իր քաղաքական դիրքորոշումին դէմ: