Ռուսիան ներկայացնող Կարէն Խաչանով յաջողեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին համար տոմս մը ապահովել:
Զտումի վերջին` երրորդ հանգրուանին, 20 տարեկան Խաչանով 6-3, 4-6 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց հարաւային ափրիկեցի Նոահ Ռուպիի:
Նշենք, որ այսօր սկսելիք Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Խաչանովի մրցակիցը պիտի ըլլայ իտալացի Թոմաս Ֆապիանօ:
Սակայն Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Ալեքսանտր Սարգիսով չկրցաւ յաղթահարել զտումի վերջին հանգրուանը եւ լքեց պայքարը` 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք պրազիլցի Կիլերմէ Քլեզարէն, կ՛եզրափակէ news.am: