ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ երէկ Հայաստանի 17 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականը 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Պիելոռուսիոյ իր հասակակիցներուն հետ:
Հայրենի կազմին կոլերը նշանակեցին Ժիրայր Շաղոյեան եւ Էրիք Աւետիսեան:
Երկու կազմերը վաղը` կիրակի, 28 օգոստոսին, դարձեալ իրարու դէմ յանդիման պիտի գան: