Թենիսի մէջ աշխարհի թիւ մէկ դասուած Նովաք Ճոքովիչ Նիւ Եորքի մէջ երէկ սկսած թենիսի Միացեալ Նահանգներու բաց մրցաշարքին ընդառաջ գնահատեց իր մարզական վիճակը:
«Վստահութիւնս բարձր մակարդակի վրայ է: Կը յուսամ, որ կը խուսափիմ վնասուածքներէ եւ կը յաջողիմ խաղալ իմ ուզածիս պէս: Կրան շլեմի մրցաշարքերը պատմականօրէն շատ արժէքաւոր են ոեւէ մարզիկի համար: Ճիշդ այդ մրցաշարքերուն մէջ կ՛ուզեմ ցուցադրել իմ առաւելագոյնս: Հպարտ եմ, որ եզակի յաջողութիւններ ունիմ: Ես 29 տարեկան եմ եւ կը կարծեմ, որ այժմ հասած եմ իմ կարելիութիւններուս գագաթնակէտին: Կը փորձեմ կարելի եղածին չափ երկար պահպանել այդ մարզավիճակը», ըսաւ սերպ մարզիկը:
Ճոքովիչ թենիսի Միացեալ Նահանգներու բաց մրցաշարքին գործող ախոյեանն է: Այս մրցաշրջանին ան նուաճած է նաեւ Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքը եւ Ռոլան Կարոսը: