ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Գիւմրիի քաղաքային մարզադաշտին մուտքին զետեղուած են Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունեցած ողիմպիական խաղերուն մասնակցած եւ մետալներու տիրացած գիւմրեցի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեանի եւ փոխախոյեան Գոռ Մինասեանի հսկայ լուսանկարները: Լուսանկարները զետեղուած են ողիմպիական մետալակիրները դիմաւորելու նախապատրաստութիւններուն շրջագիծին մէջ:
Նշենք, որ քաղաքային մարզադաշտին վրայ վաղը` շաբաթ, 27 օգոստոսին, Շիրակ կը հիւրընկալէ Ալաշկերտը, բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ:
րբ որոշ տարակարծութիւններ ունեցաւ Արսենալի գլխաւոր մարզիչ Արսեն Վենկերի հետ: