Անգլիոյ, Սպանիոյ, Իտալիոյ եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան նման, նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ նաեւ Գերմանիոյ` «Պունտըսլիկա»-ի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան Ա. հանգրուանի հանդիպումները:
Ախոյեան Պայէրն Միւնիխ տպաւորիչ եւ մեծ յաղթանակով մը սկսաւ 2016-2017 տարեշրջանը, երբ 6-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Վերտըր Պրեմընը, 75 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Ռոպերթ Լեվանտովսքի իրագործեց տարեշրջանի առաջին հեթրիքը (13-րդ, 46-րդ եւ 77-րդ` փենալթիով):
Աւելի քան 81 հազար համակիրներու ներկայութեան, Պորուսիա Տորթմունտ 2-1 արդիւնքով յաղթեց Մայնց-05-ին: Փիեռ – Էմերիք Օպամեյանկ նշանակեց Տորթմունտի երկու կոլերը (17-րդ եւ 89-րդ` փենալթիով):
Անգլիոյ մէջ Մանչեսթըր Եունայթըտ արձանագրեց իր երրորդ` քիչ մը դժուար յաջորդական յաղթանակը, երբ Հալ Սիթիի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (92-րդ), Մարքուս Ռեշֆորտ նշանակեց մրցումին միակ կոլը (1-0):
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ դարձեալ նկատի առնուած էր իբրեւ պահեստի մարզիկ, դաշտ ներկայացաւ 60-րդ վայրկեանին` փոխարինելով Եունայթըտի իր խմբակից Ճոշ Քլեքսթոնը:
Արսենալ արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` 3-1 արդիւնքով յաղթական վերադառնալով Ուաթֆորտի դաշտէն:
Իր կարգին, Չելսի արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը` 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Պըրնլին:
Ախոյեան Լայսթըր Սիթի եւս արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` Սուանզիի դէմ (1-0):
Իտալիոյ մէջ Եուվենթուս նուազագոյն հաշուով յաղթեց Լացիօ Ռոմայի, երբ Սեմի Խետիրա նշանակեց մրցումին միակ կոլը (66-րդ):
Սակայն Ա. Սէ. Միլան կրեց տարեշրջանի իր առաջին` քիչ մը ծանր պարտութիւնը, Նափոլիի դաշտին վրայ, 4-2 արդիւնքով: Վերջինս արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը:
Նշենք, որ Ա. Սէ. Միլան մրցումը աւարտեց ինը մարզիկով, երբ Ժուրաժ Քուքա եւ Մպայէ Նիանկ, յաջորդաբար 75-րդ եւ 88-րդ վայրկեաններուն կարմիր քարտ ստացան:
Սպանիոյ մէջ տարեշրջանի իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց Ռէալ Մատրիտ, որ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Սելթա Վիկոն, շուրջ 66 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան: Ալվարօ Մորաթա (60-րդ) եւ Թոնի Քրուս (82-րդ) նշանակեցին Ռէալի կոլերը:
Իր կարգին Պարսելոնա արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը` 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Աթլեթիքօ Պիլպաոն,Ռաքիթիչի նշանակած կոլին շնորհիւ: