Ուրբաթ, 26 օգոստոսէն իսկ սկսեալ Շիրակ Գիւմրի տեսած էր իր պատրաստութիւնները` Գիւմրիի քաղաքային մարզադաշտին մէջ հիւրընկալելու հայ ողիմպիական հերոսները` ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեանը եւ ծանրաբարձ Գոռ Մինասեանը:
Շիրակ – Ալաշկերտ մրցումէն առաջ անոնք խորհրդանշական տարազներ ստացան Շիրակի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Բչախչեանէն:
Մրցումին ազդանշանը տուող սուլիչէն ետք, դաշտին կեդրոնը գնդակը առաջին հարուածողը եղան հայրենի ողիմպիականները, ապա արդէն մրցումը շարունակուեցաւ: