Ռուս անուանի թենիսվումըն Մարիա Շարափովա, իր ունեցած նիւթական հարստութեան շնորհիւ կը համեմատուի շարք մը յառաջատար միլիոնատէրներու հետ:
29 տարեկան Շարափովայի ունեցած ընդհանուր գումարը կը գնահատուի 260 միլիոն ամերիկեան տոլարով, կը յայտնէ «Ֆորպս»:
Վերոնշեալ հեղինակաւոր պարբերաթերթը Շարափովան ընդգրկեց Ռուսիոյ 25 ամէնէն հարուստ կիներու ցանկին մէջ:
Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի ցանկի միակ միլիառատէրը` Ելենա Պաթուրինա (1,1 միլիառ ամերիկեան տոլար):