«Մէյճըր լիկ»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Շիքակօ Ֆայըրի նորեկ ֆութպոլիստ Դաւիթ Արշակեան իր կազմին հետ դաշտ պիտի ներկայանայ` կրելով թիւ 10 մարզաշապիկը, յայտնեց ամերիկեան ակումբին պաշտօնական կայքը:
Նշենք, որ անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին, 22 տարեկան Արշակեան 3 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Շիքակօ Ֆայըրի հետ:
Նշենք, որ Միքա Երեւանի նախկին ֆութպոլիստը Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուեցաւ Թրաքայէն (Լիթուանիա), ուր ելոյթ կ՛ունենար 2014-էն ի վեր: