Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մրցաշարքի երրորդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Մանչեսթըր Եունայթըտ հիւրընկալուելով յաղթեց Հալ Սիթիի, իսկ Հենրիխ Մխիթարեան դաշտ ներկայացաւ 60-րդ վայրկեանին:
Հայ ֆութպոլիստը զգալիօրէն աշխուժացուց մանչեսթըրցիներուն խաղը, բան մը, որ շատ տպաւորեց Մանչեսթըր Եունայթըտի համակիրները: Անոնք պահանջեցին Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մրցաշարքի չորրորդ հանգրուանին` Մանչեսթըր Սիթիի հետ մրցումին Մխիթարեանը ներառել խումբի հիմնական կազմին մէջ:
Համակիրները կը գրեն.
. «Մխիթարեան կարծես շարժիչ ըլլայ: Տերպիի ժամանակ ան պէտք է խաղայ առաջին վայրկեանէն»:
. «Խաղը փոխուեցաւ դէպի լաւ, երբ Մխիթարեան եւ Ռաշֆորտ դաշտ մտան: Մխիթարեան յառաջիկայ շաբաթ պէտք է ըլլայ հիմնական կազմին մէջ: Առանց արդարացումներու»:
. «Մխիթարեան հսկայական տարբերութիւն ստեղծեց: Մանչեսթըր Սիթիի դէմ մրցումին պէտք է ըլլայ խումբի հիմնական կազմին մէջ»:
. «Մրցումի ընթացքին Մխիթարեանի փոխանցումները թիւ 10 տարազով մարզիկի ընելիքներն են: Ռունին այլեւս չի կրնար ատիկա ընել»:
«Ինչպիսի՜ շարժում հաղորդեց խաղին Մխիթարեանի մտնելը»:
«Մխիթարեան հսկայ է: Անոր վազքը ելեկտրական էր անընդհատ բռնկող Ռաշֆորտի հետ»: