
Լիբանանեան Սաժես տղոց պասքեթպոլի խումբը բաւական ձախող արդիւնքներ արձանագրելով եւ կրելով իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը, դուրս մնաց Արաբական ակումբներու պասքեթպոլի ախոյեանութենէն:
Իր կատարած առաջին մրցումին, Սաժես 79-75 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ֆաթըհէն (Սէուտական Արաբիա), հակառակ անոր որ Թերել Սթոկլին ի նպաստ Սաժեսի նշանակեց 41 կէտ:
Երկրորդ մրցումին Սաժես այս անգամ պարտուեցաւ Սփորթինկէն (Եգիպտոս)` 101-93 արդիւնքով:
Իսկ ինչ կը վերաբերի երէկուան մրցումին, Սաժես այս անգամ պարտուեցաւ Ժամհիեթ Սալայէն (Մարոք)` 103-85 արդիւնքով: