
Այս շաբաթավերջին (19 նոյեմբեր) տեղի պիտի ունենայ «Լա լիկա»-ի գագաթի ճակատումներէն մէկը, երբ 12-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ Աթլեթիքօ Մատրիտ պիտի ճակատի ՌԷալ Մատրիտի դէմ:
Ռէալ Մատրիտի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս, բաւական ապաքինած ըլլալով եւ իր փորձերը լաւապէս կատարելով, պատրաստ կը թուի ըլլալ մատրիտեան այս տերպիին, կը տեղեկացնէ անոր ակումբը:


