Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Արժեն Ռոպեն որ վիրաւորուեցաւ Լիւքսամպուրկի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (2018-ի մոնտիալ), յայտնեց, որ իր ստացած վնասուածքը այդքան ալ վտանգաւոր չէ:
Սակայն Պորուսիա Տորթմունտի դէմ տեղի ունենալիք «Պունտըսլիկա»-ի մրցումին (11-րդ հանգրուան) անոր մասնակցութիւնը կը մնայ հարցականի տակ:
Նշենք, որ Պորուսիա Տորթմունտ – Պայէրն Միւինխ մրցումը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 19 նոյեմբերին, ժամը 19:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Տորթմունտի մէջ: