
Նախորդ շաբաթավերջին Ստեփանակերտի N-6 դպրոցի մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Արմֆայթինկ Սիլեքշըն-22» ընդհանուր մենամարտերու մրցաշարքը, որ նուիրուած էր Արցախի հերոս, «ոսկիէ արծիւ» շքանշանի ասպետ Ռոպերթ Աբաջեանի յիշատակին:

Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութենէն եւ Հայաստանէն 26 մարզիկներ:
Այս յուշամրցաշարքին ներկայ էր արհեստավարժ Արմֆայթինկի ընդհանուր մենամարտերու ֆետերասիոնի նախագահ, Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի խորհրդական Հայկ Ղազարեան:
Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ այս մենամարտերուն նպատակն է բացայայտել Արցախի լաւագոյն մարզիկները, որոնք Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյեանութիւններուն կրնան ոսկիէ մետալներու տիրանալ:


