Թէեւ Պարսելոնա բանակցութիւններու մէջ է արժանթինցի իր յառաջապահին` Լիոնել Մեսսիի պայմանագրութիւնը երկարաձգելու նպատակով, բայց «Մարքա»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, Մեսսի չ՛աճապարեր նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրել` նախորդ յուլիսին կարգ մը կէտերու շուրջ համաձայն չըլլալուն պատճառով:
Կը նշուի, որ Մեսսի իր ակումբէն կը պահանջէ տարեկան 50 միլիոն եւրօ աշխատավարձ:
Նշենք, որ Պարսելոնայի հետ Մեսսիի գործող պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2018-ին: