Ռէալ Մատրիտի եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրեց «Նայքի» ընկերութեան հետ:
Կը նշուի, թէ Ռոնալտօ, որ անժամկէտ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց ընկերութեան հետ, տարեկան պիտի ստանայ 24 միլիոն եւրօ:
«Տը Սանտէյ Թայմզ» կը նշէ, որ Ռոնալտօ երրորդ մարզիկն է, որուն հետ Նայքի անժամկէտ պայմանագրութիւն մը կը ստորագրէ` Լեպրոն Ճէյմսէն եւ Մայքըլ Ճորտընէն ետք: