Sports.Kz կայքը կը հաղորդէ, որ Ղազախստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը 7 մրցումով կախակայեց Ժեթիսուի յառաջապահ Նարեկ Բեգլարեանը` նկատի ունենալով, որ Աքխայիքի դէմ տեղի ունեցած մրցումին ան վիրաւորական արտայայտութիւններ ունեցաւ մրցումին հսկող կարգ մը մարդոց հասցէին:
31 տարեկան Բեգլարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, 50-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ: